Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացուց անցեալ ամիս Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման շուրջ գոյացած համաձայնութիւնը: Երկու երկիրներուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան համաձայն` Իսրայէլ յառաջիկայ 25 օրուան ընթացքին Թուրքիոյ պիտի փոխանցէ 20 միլիոն տոլարի գումար մը, իբրեւ «Մաւի Մարմարա»-ի դէմ իսրայէլեան բանակի յարձակումի զոհերուն փոխհատուցում:Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը։
Ըստ համաձայնութեան, Իսրայէլի առանձնաբար որեւէ քրէական պատասխանատուութեան պիտի չենթարկէ որեւէ քաղաքացի՝ արձանագրուած դէպքին կապակցութեամբ: