Թուրքիոյ ֆուտպոլի ազգային հաւաքականի համակիրները Յունաստանի հաւաքականի հետ խաղէն առաջ խախտած են Փարիզի ողբերգական դէպքերուն հետեւանքով զոհուածներուն յիշատակին յայտարարուած լռութեան «մէկ վայրկեան»ը: Անոնք սուլած են ու բացականչած «Ալահ Ու Աքպար»:Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը՝ վկայակոչելով «Լենթա.ռու» կայքը: Խաղին հետեւած են Թուրքիոյ վարչապետ Ահմաթ Տաւութօղլուն իր յոյն գործընկերոջ հետ: Խաղը տեղի ունեցած է երէկ, Պոլսոյ լեփ-լեցուն մարզադաշտին մէջ: Այս երկու երկիրներու ազգային հաւաքականները վերջին ութ տարուան մէջ առաջին անգամ կը հանդիպին: