image

«Թուրքիան շատ սուղ գին պիտի վճարէ».Սուրիոյ նախագահի խորհրդական

«Թուրքիան շատ   սուղ գին պիտի վճարէ».Սուրիոյ նախագահի խորհրդական

«Թուրքիան, իր գործած սխալներուն համար    շատ մեծ գին պիտի վճարէ» «Ալ Մայատին» կայանին յայտնեց Պուսայնա Շահպան: Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի քաղաքական եւ տեղեկատուական հարցերու խորհրդական ՝ Շահպան նաեւ նշեց, որ «Սուրիոյ կառավարութեան Թուրքիոյ հետ ունեցած համագործակցութեան մասին եղած բոլոր խօսքերը անհիմն են եւ չեն համապատասխաներ իրականութեան»: Ըստ սուրիացի գործիչին, իրենց համար աններելի է Թուրքիոյ ունեցած դերը Սուրիոյ պատերազմին ամբողջ ընթացքին նկատել տալով, որ «Թուրքիան եղաւ այն երկիրը, որ տագնապի առաջին օրերէն տարբեր միջոցներով եւ ճանապարհներով զինեց եւ օգնեց ահաբեկչական խմբաւորումները յատկապէս՝ Իտլիպի եւ Թուրքիոյ հետ սահմանային շրջաններուն մէջ: Անոնք օսմանեան քաղաքականութիւն մը որդեգրեցին, դատարկեցին եւ թալանեցին Հալէպը եւ մեր սահմաններուն մօտ վրաններ լարեցին ընդունելու համար Սուրիոյ քաղաքացիները պահու մը, երբ ոչ ոք կը մտածէր, որ սուրիացիներու մեծ արտահոսք պիտի ըլլայ երկրէն»: Շահպան նաեւ ըսաւ, որ ցայսօր ալ Թուրքիոյ հետ ոչ մէկ զինուորական կամ քաղաքական յարաբերութիւն կայ, որովհետեւ «մենք չենք վստահիր Թուրքիոյ եւ անոր իշխանութիւններուն»: Ըստ Շահպանի Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորումը ծնած է Թուրքիոյ ծոցին մէջ եւ այսօր այդ խմբաւորման ներկայացուցիչներ ազատօրէն կը շրջագային Թուրքիոյ մէջ: Ան նոյնպէս հերքեց, բոլոր այն խօսքերը ըստ որոնց Սուրիոյ տագնապին առընթեր Թեհրանի, Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ լուրջ համագործակցութիւն մը կայ: Սուրիացի կին գործիչը իր խօսքի աւարտին յայտնեց, որ Թուրքիան իր գործի դրած խարդաւանքներուն եւ որդեգրած սխալ քաղաքականութեան համար սուղ գին պիտի վճարէ եւ այսօր արդէն երեւելի է, թէ այդ երկիրը ինչ ներքին տագնապներու սեմին է»: