Թրքական զինուած ուժերը սկսած են ռազմակայան կառուցել Պալքաիա լեռներուն մէջ, Իրաքի սահմանին մօտ: Այս մասին կը հաղորդէ լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը, յիշեցնելով, որ Իրաք իր հերթին կը մերժէ որեւէ ռազմական գործողութիւն՝ իր տարածքին:
Անվտանգութեան աղբիւրներէն ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն, ռազմակայանի կառուցումը կու գայ արգիլելու հաամար Իրաքի սահմանէն ահաբեկիչներու մուտքը եւ ապահովելու սահմանի անվտանգութիւնը:
Թրքական զօրքը ռազմակայանը կը կառուցէ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան կողմը գտնուող Հաքքարի նահանգի Շամտինլի շրջանին մէջ, ծովու մակերեսէն երկու հազար չորս հարիւր մեթր բարձրութեան վրայ:
Յիշեցենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան 25 մարտին յայտարարած էր Հիւսիսային Իրաքի Սինճար շրջանին մէջ ռազմական գործողութիւններու մեկնարկման մասին: