image

Թուրքիա եւ Ռուսատան մուտքի արտօնագիրը կրնան վերցնել

Թուրքիա եւ  Ռուսատան  մուտքի արտօնագիրը   կրնան վերցնել

Թուրքիա  եւ Ռուսաստան  մտադիր են   երկու երկիրներու միջեւ մուտքի արտօնագիրը   չեղեալ համարել: Այս  մասին գրող  թրքական աղբիւրներ, նոյնպէս կը հաւաստեն, թէ  ռուս  բարձրաստճան պատասխանատուներ այս  մասին քննարկումներ  կը կատարեն, իրենց թուրք  գործընկերներուն հետ: Իր կարգին  Ռուսիոյ արտաքին  գործոց փոխ նախարար  Ալէքսէյ Մէշկով խնդրին մասին անդրադառնալով ըսած է, թէ իրենք   հետամուտ են այս հարցը քննարկել եւ  խնդրին  օրակարգի վրայ գալը կապ ունի Թուրքիա- Ռուսաստան կապերու  բնականոնեցաման հետ: Մէշկով, որ յոյս  յայտնեց է այն մասին, որ  օրակարգը քննարկութեան   կրնայ  դրուիլ յառաջիկայ  օրերուն  նաեւ ըսած է, թէ «Թուրքիոյ մէջ  առկայ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ բաւական բարդ»:Յիշեցնենք, որ երկու երկիրներուն  միջեւ յարաբերութիւնները    անկում ապրա ծ էին,  յատկապէս Սուրիոյ  վերեւ  ռուսական   Սու- 26  տիպի   կործանիչի     մը վար  առնուելու   դէպքրէն ետք: