«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ՝ Լիբանանահայ հասարակական գործիչ, եւ Այնճար հայաւանի գիւղատնտես՝ Յակոբ Այնթապլեան:
- Գիտենք, որ Սէուտական Արաբիան որոշում մը հրապարակեց, որուն հիմամբ Լիբանանէն դէպի Սէուտական Արաբիա գիւղատնտեսական ապրանքներու ներմուծումը կտրականպէս կ'արգիլուի։ Ի՞նչ են պատճառները, առնուազն մամուլի մէջ ի՞նչ գրուեցաւ այդ մասին:
Այն ինչ որ մենք ալ մամուլէն իմացանք վերջերս, թէ Լիբանանէն Սէուտական Արաբիա գիւղատնտեսական ապրանքներու փոխադրութեան ընթացքին, որոշ արգիլուած նիւթեր գաղտնաբար մուտք գործած են, եւ գաղտնիքը բացայայտուած է, ուստի Սէուտական Արաբիան սահմանած է պատժամիջոց ընդդէմ Լիբանանի: Պէտք է ըսել, որ առանց այդ ալ արդէն վերջին 10 տարիներուն, տարածաշրջանի ապահովական-քաղաքական անկայուն վիճակին իբրեւ հետեւանք, ընդհանրապէս փոխադրական ճամբան դժուար դարձած էր եւ այնպէս չէր, որ լիբանանցի վաճառականը ազատ համարձակ իր ապրանքը կը փոխադրէր դէպի Սէուտական Արաբիա կամ ընդհանրապէս արաբական երկիրներ:
Մանաւանդ վերջին տարիներուն այդ փոխատուութիւնը տեղի ունեցած է մեծ դժուարութեամբ, քիչ պարագաներու ցամաքի ճամբով, ընդհանրապէս օդանաւով բայց քիչ քանակութեամբ, եւ երբեմն ալ նաւով:
- Սէուտական Արաբիոյ այս որոշումը բնականաբար նաեւ պիտի ազդէ ձեր գործին վրայ: Նախ եւ առաջ ինչպէս էր այս տարուան բերքը, ի՞նչ կրցաք ցանել եւ ի՞նչ է ընթացքը բերքին:
Ինչ կը վերաբերի մեր տեղական բերքին, Լիբանանի դաշտերը կը ցանուին, պարապ դաշտեր չեն ձգուիր: Բաղդատելով նախորդ տարուայ, այս տարուայ ծախսը ոչ թէ բազմապատկուած, քառապատկուած, այլ տասնապատկուած է նկատի ունենալով լիբանանեան լիրայի արժեզրկումը։ Անցեալ տարի այս օրերուն տոլարը տակաւին կ'արժէր 3000-3500 լ. լիրա, իսկ այսօր արդէն հասած է 13000-ի սահմանները: Որովհետեւ գիւղատնտեսական նիւթերու մեծամասնութիւնը արտասահմանէն կը ներմուծուի, ըլլան անոնք քիմիական դեղեր կամ սերմեր եւ այլն, ուրեմն ծախսը 10 անգամ աւելի պիտի ըլլայ: Արտասահմանեան շուկայի կապակցութեամբ դժխախտաբար ունինք արտածման խնդիր, իսկ տեղական շուկան ունի ուրիշ խնդիրներ։ Սպառումը լիբանանեան թղթոսկիով կ՚ըլլայ, այսինքն եթէ տոլարով պիտի ծախսենք ու լիբանանեանով վաճառենք, նիւթական մեծ հարցեր պիտի ստեղծուին:
- Սէուտական Արաբիոյ այս որոշումը ինչպէ՞ս պիտի ազդէ ձեր աշխատանքին վրայ, որեւէ միջոց ունի՞ք պայքարելու այս որոշումին դէմ, որեւէ այլընտրանքներ կամ ճանապարհներ կ՞ան , կամ յոյսեր կա՞ն որ յարաբերութիւնները կը կարգաւորուին եւ Լիբանան դարձեալ կրնա՞յ իր գիւղատնտեսական արտադրութիւնը դէպի Սէուտական Արաբիա արտածել:
Ինչ կը վերաբերի մեր արտերուն, հողագործները փոխանակ արտասահմանէն օտար դրամով սուղ քիմիական նիւթեր բերեն, այս վերջին տարին ի մասնաւորի, սկսան տեղական պարարտամիջոցները օգտագործել։Շատեր նախապէս այդպիսի նիւթեր չէին գործածեր, բայց հիմա ստիպուեցան: Այս տարի բանջարեղէնի ցանքի տուեալները ցոյց կու տան, որ բաւական քիչ ցանուած են, զարկը աւելի տրուած է ցորենի ու գարիի, հետեւաբար կ'ենթադրեմ, որ Լիբանան իր արտածած ապրանքը նոյնիսկ, տեղական շուկային մէջ հանգիստ կրնայ սպառել:
Իսկ պտուղներու պարագային, անցեալ տարի, աւելի առիթներ գոյութիւն կային, մեծ շարժում կար վաճառականներուն կողմէ, լիբանանեան պտուղը դէպի արաբական շուկայ եւ Ծոցի երկիրներ ուղարկելու, Սուրիոյ ու Իրաքի վրայով: Նկատի ունենալով որ ներմուծուած գումարը օտար դրամանիշով էր, բնականաբար կ'օգտուէր վաճառականն ու գիւղացին: Սակայն ներկայ պայմաններուն մէջ, դեռ նատկերը յստակ չէ: Կը կարծեմ որ կացութիւնը կը փոխուի, որովհետեւ երբ քաղաքական դրդապատճառ կայ եւ այդ քաղաքականութիւնը որեւէ ատեն կրնայ փոխուիլ, ինչպէս միշտ եղած է Լիբանանի պարագային, մանաւանդ
վերջին 30 տարիներուն, այս կացութիւնը այսպէս չի մնար եւ յոյս մը կը ծագի:
- Արդեօք Սէուտական Արաբիոյ դրած արգելքին միացա՞ն Ծոցի արաբական երկիրներ կամ թէ միայն այդ երկիրն է, որ արգիլեց Լիբանանէն ներմուծումը: Ձեր կարծիքով այդ որոշումին տակ քաղաքական հիմքեր կա՞ն:
Այս կացութեան իբրեւ հետեւանք, այլ արաբական պետութիւններ, նոյնիսկ եւրոպական պետութիւններ, ինչպէս Կիպրոսն ու Յունաստանը նաեւ արգիլած են Լիբանանէն գիւղատնտեսական ապրանքի փոխադրում: Յամենայն դէպս այս վերջին տարիներուն այնքան ալ դիւրին չէր ապրանք փոխադրելն ու շահ ապահովելը, որովհետեւ շրջանին մէջ դժբախտաբար գերիշխած է թրքական բոլոր տեսակի ապրանքները, ի միջի այլոց նաեւ գիւղատնտեսական ապրանքները, եւ արաբական երկիրներու վաճառականները միշտ նախընտրած են Թուրքիայէն ներմուծել քան թէ իրենց փոքր եղբայր՝ Լիբանանէն:
Մեծ հաւանականութեամբ, Սէուտական Արաբիոյ այս որոշման տակ քաղաքական դրդապատճառ կայ։
Տարբեր հիմքերով եւ նոյնիսկ հեռուն տանող նպատակներով որոշ արաբական երկիրներ նպատակ դրած են «պատժել» Լիբանանը եւ այդ կը կատարուի, որպէսզի կողմերէն իւրաքանչիւրը ձեւով մը իր ուզածին հասնի։