image

ԱՄՆ մերժած է հակամարտութեան կարգաւորման իրանեան առաջարկը. Tehran Times

ԱՄՆ մերժած է հակամարտութեան կարգաւորման իրանեան  առաջարկը. Tehran Times

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները ամբողջութեամբ մերժած են Իրանի կողմէ առաջարկուած՝ հակամարտութեան կարգաւորման 14 կէտերէ բաղկացած ծրագիրը։ Այս մասին կը գրէ Tehran Times պարբերականը։

Թերթի տուեալներով՝ Թեհրան Ուաշինկթընէն ստացած է կարգաւորման իր գրաւոր առաջարկի պատասխանը։ Միացեալ Նահանգները մերժած է Իրանի բոլոր առաջարկները եւ հաւատարիմ մնացած է իր ճնշման քաղաքականութեան, մասնաւորաբար՝ Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ։

Tehran Times-ը կը գրէ, որ եթէ Ուաշինկթըն ընդունի Իրանի առաջարկները, Թեհրան պատրաստ է սկսելու բանակցութիւններու երկրորդ փուլը։