Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն կոչ ըրած է լիբանանցիներուն աղօթելու, եւ խնդրելու Աստուծմէ, որ փրկէ մարդկութիւնը «Քորոնա» համաճարակի սպառնալիքէն:
«Ալ Ժատիտ» կայանը, որ այս մասին լուրը հաղորդած է նաեւ նկատել տուած է, որ նախագահ Աուն այս կոչը ըրած է, արձագանգելով Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի եւ Շէյխ Ալ-Ազհարի համաճարակին համար միացեալ աղօթք կատարելու կոչերուն։
Նախագահ Աուն նաեւ նշած է, որ «սա ի սրտէ եւ խիղճէ բխած նախաձեռնութիւն է, որ հովանաւորուած է Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի եւ Շեյխ Ալ-Ազհարի կողմէ եւ կու գայ «Մարդու երկխօսութեան ակատեմիա»ն հիմնելու նպատակէն»:
Ան նաեւ ըսած է. «Թող միախառնուին մինարեթներու հնչիւնները զանգերու ձայներուն հետ, եւ թող լռեն բոլոր այն ձաները, որոնք կը խանգարեն մեր ազգային միասնութիւնը»: