image

«Թող լռեն բոլոր այն ձաները, որոնք կը խանգարեն մեր ազգային միասնութիւնը» Լիբանանի նախագահը աղօթելու կոչ ըրաւ

«Թող լռեն բոլոր այն ձաները, որոնք կը խանգարեն մեր ազգային միասնութիւնը» Լիբանանի նախագահը աղօթելու կոչ ըրաւ

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ  Զօր. Միշէլ Աուն կոչ ըրած է լիբանանցիներուն աղօթելու, եւ խնդրելու Աստուծմէ, որ փրկէ մարդկութիւնը «Քորոնա» համաճարակի սպառնալիքէն:

 «Ալ Ժատիտ»  կայանը, որ  այս մասին լուրը հաղորդած է նաեւ  նկատել տուած է, որ  նախագահ Աուն այս կոչը ըրած է, արձագանգելով Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի եւ Շէյխ Ալ-Ազհարի   համաճարակին  համար  միացեալ աղօթք  կատարելու  կոչերուն։

Նախագահ Աուն նաեւ նշած է, որ «սա ի սրտէ եւ խիղճէ բխած նախաձեռնութիւն է, որ հովանաւորուած է Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի եւ Շեյխ Ալ-Ազհարի կողմէ եւ կու գայ «Մարդու երկխօսութեան ակատեմիա»ն հիմնելու նպատակէն»:  

Ան նաեւ ըսած է. «Թող  միախառնուին մինարեթներու հնչիւնները զանգերու ձայներուն հետ, եւ թող լռեն բոլոր այն ձաները, որոնք կը խանգարեն մեր ազգային միասնութիւնը»: