image

Մայիսեան յաղթանակներու առթիւ Ռուսաց նախագահը ուղերձներ յղած է

Մայիսեան յաղթանակներու առթիւ Ռուսաց նախագահը ուղերձներ յղած է

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին Հայրենական Մեծ պատերազմի  յաղթանակի 76-րդ տարեդարձի առթիւ շնորհաւորական ուղերձներ յղած է նախկին ԽՍՀՄ մաս կազմող երկիրներուն` Հայաստանին, Ատրպէյճանին, Պելառուսիոյ, Ղազախիստանին, Խրխզիստանին, Մոլտովիոյ, Տաճիկիստանին, Թուրքմենիստանին, Ուզպեքիստանին, Աբխազիոյ, Հարաւային Օսեթիոյ առաջնորդներուն եւ քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ ժողովուրդներուն: Այս մասին յայտնած է Քրեմլինի պաշտօնական կայքը:

Փութին ընդգծած է, որ «Յաղթանակի օրը, հպարտութեան եւ երախտագիտութեան յատուկ զգացումով կը յիշենք մեր հայրերու ու պապերու սխրանքները, որոնք ուս ուսի տուած արիաբար պայքարեցան թշնամիին դէմ»:

«Այսօր մեր բարոյական պարտքն է խնամքով պահպանել եւ գալիք սերունդներուն փոխանցել այդ տարիներու իրադարձութիւններու մասին յիշողութիւնը: Պէտք է միասին վճռականօրէն պայքարինք պատմութիւնը խեղաթիւրելու եւ կեղծելու, Հայրենական Մեծ պատերազմի արդիւնքները վերանայելու, նացիստներու սարսափելի հրեշաւորութիւնները արդարացնելու որեւէ փորձի դէմ»,- նշած է Փութին:

ՌԴ նախագահը համոզմունք յայտնած է, որ եղբայրական բարեկամութեան եւ փոխօգնութեան աւանդոյթները, որոնք ամրացած են պատերազմական տարիներուն, եղած են եւ կը շարունակեն մնալ հիմքը երկիրներու միջեւ կառուցողական, բարի դրացիական յարաբերութիւններու կառուցման եւ զարգացման համար:

Փութին իր անկեղծ երախտագիտութեան խօսքը յղած  է հայրենական պատերազմի վեթերաններուն՝ մաղթելով քաջառողջութիւն, բարօրութիւն եւ երկարակեցութիւն: