Նորընտիր նախագահ՝ Տոնալտ Թրամբ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ յայտարարած է, թէ չի փորձէր իր զաւակներուն ապահովական արտօնագրեր ձեռքբերել:
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի, Այսպիսի արտօնագրերը առիթը կ′ընծայեն Թրամբին ազգային ապահովական խնդիրները արծարծելու իր երկու մանչերուն, դստեր եւ փեսային հետ: Դաշնային օրէնքը կ′արգիլէ Թրամբի ընտանիքի անդամներուն նշանակումը՝ իր վարչակազմին մէջ: Սակայն չորսն ալ նախագահական խորհրդականի դեր կատարած են անոր ընտրարշաւի ընթացքին:
Թրամբ պնդած է, թէ երբ նախագահութիւնը ստանձնէ, զաւակները իր հսկայական ծրագիրները պիտի վարեն, շահերու բախումներէն խուսափելու համար: