image
Հրատապ լուրեր:

The Times.ը Նաթանիահուին մասին՝ «Bye bye baby»

The Times.ը Նաթանիահուին մասին՝ «Bye bye baby»

Բրիտանական «The Times» թերթը «Bye bye baby» խորագրով յօդուած մը հրապարակած է, ուր կարծիք յայտնած է, թէ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանահու պէտք է հրաժարական ներկայացնէ եւ բացատրութիւն տայ իր դէմ ուղղուած կաշառակերութեան մեղադրանքներուն մասին:

Թերթը յայտնած է, որ Իսրայէլ Միջին Արեւելքի միւս երկիրներէն կը տարբերի անով, որ այնտեղ օրէնքի տարրը կը յարգուի, միաժամանակ նշելով, որ երբ իսրայէլի ոստիկանութիւնը կաշառակերութեան մեղադրանք կ'առաջադրէր Նաթանիահուի դէմ, Եգիպտոսի մէջ նախագահ Սիսիի մրցակիցները հալածանքի կ'ենթարկուէին:

Թերթին պնդմամբ, Նաթանիահուի հրաժարականը կրնայ որպէս դրական դաս ծառայել տարածաշրջանի բռնապետերուն համար:

Նշենք, որ Նաթանիահու իր դէմ ուղղուած մեղադրանքները չէ ընդունած ու ինքնիզք մեղաւոր չէ ճանչցած: