Իր մեծ տարածութեամբ եւ բնակիչներու թիւով Սուրիոյ հիւսիսային մայրաքաղաք Հալէպը, այսօր կարեւոր խաղաքարտ դարձած է շրջանին մէջ քաղաքականութիւն վարող միջազգային գերուժերուն: Քաղաքը, բաժնուելով երկու մասերու, բաժնած է նաեւ համաշխարհային կարծիքն ու տեսակէտները: Օրական դրութեամբ դէպի Հալէպ տեղադրուող ռուսական զինամթերքը, իր մեծ ուժով անկարող է համոզել չափաւորական նկատուած ընդդիմութեան, թէ պէտք է վար դնել զէնքերը եւ յանձնուիլ օրինական զօրքին: Ընդդիմադիր զինեալները անձնատուր ըլլալ չուզելով կը հակադարձեն Ռուսիոյ կողմէ առաջադրուած հրադադարին, որ սկիզբ առաւ ուրբաթ առաւօտ (միակողմանի ձեւով): Հրադադարը նախքան սկսիլը, արդէն փխրուն համարուեցաւ: Զինեալ ահաբեկիչները, փորձելով պաշարումէն ազատիլ, այս անգամ իրենց «առասպելական» յաղթանակին համար սկսան «Հալապ ալ ժատիտա» եւ «1070 Բնակարան»ներու ճակատները բորբոքելով եւ ամիսներէ ի վեր աննախընթաց գրոհներ կատարելով: Զինեալ ահաբեկիչները իրենց սպասուած յաղթանակին համար ի գործ դնուէին զանազան խումբի պատկանող զինամթերք, անգամ գործածուեցան քիմիական մահազդու զէնքեր: Զինեալներու արձակած «պոռչտուքը» «քիմիական» ժամանակաւոր յաղթութիւն մըն էր, որ նօսրացաւ քանի մը օրեր ետք: Հեռանալով քաղաքին մէջ կատարուած մահազդու արհաւիրքէն՝ նոյնքան ազդեցիկ են միջազգային հրապարակագիրներուն նախատեսութիւնները:
«Թայմզ» իր կարգին նախատեսեց տառապած քաղաքին գալիք օրերը եւ այդ մասին գրեց. «Նախագահ Վլատիմիր Փութին հրաման պիտի արձակէ ընդարձակ յարձակումի սկսման, այս շաբթուան մէջ»: «Թայմզ» այս մասին տեղեկութիւն ստացած է Ռուսիոյ գաղտնի սպասրկութեան մարմիններէն: Պարբերականը, աւելցնելով իր նախորդ տեղեկութեան վրայ կը փոխանցէ, թէ նախագահ Փութին «քաղաքական կեցուածքով» հանդէս պիտի գայ ամերիկեան նախագահական ընտրութիւններու ընթացքին: Ան կը փոխանցէ նաեւ, թէ յարձակումի սկսիլը կապուած է «Ատմիրալ Գուզնէցով» օդանաւակիրի սուրիական ջուրեր մուտք զործելով:
Զուգահեռ ընթացող հակամարտութիւններն ու վերլուծումները որքան ալ սարսափելի ու մութ ըլլան, չեն կրնար յայտնաբերել մարդկային եւ նիւթական վնասներու թուագրութիւնը: Տեղին է նշել նաեւ, թէ զինեալ ահաբեկիչները առաջին անգամ ըլլալով գործածած են «քլոր» թունաւոր քիմիական կազ, մինչ օրինական բանակը իր կարգին կը դիմադրէ կատարուած յարձակումի փորձերը՝ ռուսական օդուժի օժանդակութեամբ:
Պատրաստեց՝ Յ. Շէհիրեան