Թուրքիոյ մէջ ընդդիմադիր համարուող «Ճումհուրիյէթ» պարբերականի գործադիր տնօրէնը այսօր ձերբակալուեցաւ: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ կը փոխանցեն կը հաղորդեն նաեւ, որ Աքին Աթալայ ձերբակալուած է այս առաւօտ Պոլսոյ «Աթաթուրք»ի անուան միջազգային օդակայանին մէջ: Կը նշուի նաեւ, որ վերջինս կը վերադառնար Գերմանիայէն: Յիշեցնենք, որ թերթի ինը այլ աշխատակիցներ եւ խմբագիրներ նոյնպէս ձերբակալուպած են՝ երկրին մէջ «ահաբեկչութեան սատարելու» ծանր մեղադրանքով: