Սուրիա- Հալէպի «Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ» հաստատութիւնը Քեսապահայութեան օգտակար հանդիսանալու նպատակով նուիրած է հողագործութեան վերաբերեալ գործիքներ: Գործիքները պահ դրուած են Քեսապի հայկական երեք համայնքներուն մօտ հաւասար քանակութեամբ: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ ՝ Տ. Նարեկ Վրդ. Լուիսեանի Ֆէյսպուքեան էջէն: