Թուրքիա («Հիւրիյէթ»- Պոլիս) Թրքական «Ճումհուրիյէթ» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Ճան Տիւնտէր մահափորձի ենթարկուեցաւ: Դէպքը տեղի ունեցաւ, երբ Տիւնտէր իր համախոհներուն հետ դատավարութեան դադարի պահուն դատարանի միջավայրին մէջ կը շրջագայէր: Ըստ «Հիւրիյէթ»ի կայքին, անծանօթ մը Տիւնտէրին մօտենալով կրակ բացած է անոր ոտքերուն ուղղութեամբ եւ գնդակը վրիպով վնասած է դատը լուսաբանող լրագրողի մը ոտքը: Աւելի ուշ դատը շարունակուած է, եւ Տիւնտէր դատապարտուած է 5 տարուան բանտարկութեան պատիժի: Տիւնտէր կը մեղադրուի դէպի Սուրիա զէնք մատակարարող իսլամիստներու մասին լուսանկարներով րէբորթաժ մը հրապարակելու եւ գործը պետական մարմիններուն վրայ բարդելու մեղադրանքով: