image

Ճան Տիւնտէրի դէմ մահափորձ եւ 5 տարուան բանտարկութիւն

Ճան  Տիւնտէրի դէմ մահափորձ եւ  5  տարուան  բանտարկութիւն

Թուրքիա («Հիւրիյէթ»- Պոլիս) Թրքական    «Ճումհուրիյէթ»   պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Ճան Տիւնտէր   մահափորձի  ենթարկուեցաւ: Դէպքը տեղի ունեցաւ, երբ Տիւնտէր իր համախոհներուն  հետ  դատավարութեան դադարի պահուն      դատարանի    միջավայրին մէջ կը շրջագայէր: Ըստ  «Հիւրիյէթ»ի կայքին, անծանօթ մը Տիւնտէրին մօտենալով կրակ  բացած է անոր  ոտքերուն ուղղութեամբ եւ   գնդակը վրիպով   վնասած է   դատը լուսաբանող  լրագրողի մը ոտքը: Աւելի ուշ դատը շարունակուած է, եւ Տիւնտէր դատապարտուած է  5 տարուան բանտարկութեան    պատիժի:   Տիւնտէր  կը մեղադրուի  դէպի Սուրիա զէնք մատակարարող  իսլամիստներու մասին լուսանկարներով   րէբորթաժ մը հրապարակելու  եւ   գործը պետական մարմիններուն վրայ բարդելու մեղադրանքով: