Քրիստինա Խտըր անունով 6 տարեկան երեխան օրեր առաջ վերադարձած է իր ծնողներուն: Ասորի պարմանուհին ասկէ երեք տարի առաջ առեւանգուած էր «Իսլամական պետութեան» կողմէ եւ անոր մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կար: Ռուսական RT կայանը այս մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ տալով կը փոխանցէ, որ Քրիստինան յայտնաբերուած է Մուսուլի այն հատուածին մէջ, որ ազատագրուած էր իրաքեան ուժերուն կողմէ: Աղբիւրը նոյնպէս կը փոխանցէ, որ պարմանուհին առեւանգուելէ եւ որոշ ժամանակ մը «Տահէշ»ի մօտ մնալէ ետք փրկուած է Մուսուլցի ընտանիքի մը կողմէ:
Ըստ BBC Arabic կայանին մինչեւ այս պահը կան 53 քրիստոնեաներ, որոնց ճակատագիրը մինչեւ այս պահը կը շարունակէ մնալ անաորոշ: