Յակոբ Գազանճեան. Հալէպէն Երեւան. Երիտասրդ գինեգործին պատմութիւնը
Յակոբ Գազանճեանը ծնած է Սուրիա եւ Հայաստան տեղափոխուած է 2006 թուականին՝ դպրոցը աւարտելէն անմիջապէս ետք: Անոր խօսքով՝ ընտանիքին մէջ հայրենիքի հետ կապը միշտ եղած է. իրմէ առաջ ծնողները ուսանած են դեռ Խորհրդային Հայաստանի մէջ:
Յակոբ պատմելով իր անցած ճանապարհին ու Հալէպէն Երեւան տեղափոխուելուն մասին մասնաւորապէս ըսած է՝ «Մեզի դաստիարակած են այն սկզբունքով, որ երբ բարձրագոյն ուսման ժամանակը գայ, ապա այն անպայման պէտք է ստանալ հայրենիքի մէջ: Եւ երբ 2000 թուականին քոյրս տեղափոխուեցաւ Հայաստան՝ ուսանելու, հասկցայ, որ այն, ինչ փոքր տարիքէն լսեր էինք մեր ծնողներէն, իրականութիւն կը դառնայ: Սկիզբը ընդունուեցայ Ճարտարապետաշինարարական համալսարան, սակայն որոշ ժամանակ անց հասկցայ, որ այն իմս չէ եւ տեղափոխուեցայ ԵՊՀ-ի թուրքագիտութեան բաժին, իսկ յետոյ արդէն՝ ՏՏ ոլորտ։Ինծի միշտ կը հարցնեն՝ Սուրիա՞ն կը նախընտրես, թէ՞ Հայաստանը: Ի հարկէ, ես շատ կը սիրեմ Սուրիան՝ որպէս ծննդավայր, բայց այն երբեք հայրենիք չէ եղած, եւ Հայաստան մշտական բնակութեան տեղափոխուիլը բնաւ չէ եղած հարկադրուած քայլ, այլ յստակ ու գիտակցուած որոշում: Եւ քանի որ մեր ընտանիքի ընկերները միշտ եղած են Հայաստանէն Սուրիա տեղափոխուած հայերը, մենք մշտապէս կապ ունեցած ենք հայրենքի հետ, եւ մեր ընտանիքին մէջ զուգահեռ հնչած են արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէնը, հետեւաբար մշակութային առումով ինծի դժուար չէ եղած այստեղ հաստատուիլն ու համրկուիլը: Առաջինը մօրս ասեր եմ, որ կարծես ամբողջ կեանքս Երեւան ապրած են, եւ այդ եղած է Հայաստան գալէս ընդամէնը օրեր անց: Ի հարկէ, որոշ բացասական երեւոյթներ այստեղ նեղացուցած եւ տխրեցուցած են զիս, սակայն այդ եղած է զուտ որպէս բնակիչ։:
Կնոջս ընտանիքը տասնեակ տարիներ առաջ արտագաղթած է ԱՄՆ, սակայն ան 2013 թուականին վերադարձած է հայրենիք, ուր եւ ծանօթացած ենք: Ներկայիս ընտանիքն ԱՄՆ է, եւ իրենք յաճախ մեզի կ'այցելեն, մենք ալ կը ծրագրենք այցելել իրենց, ի վերջոյ 21-րդ դարուն աշխարհը աւելի բաց է ու տինամիք, երբ մէկ տեղ չմնալն ու շարժումը գայթակղիչ է, սակայն այդ շարժման կեդրոնը միշտ Հայաստանն է»։
Վերջին շրջանին Յակոբ Գերմանիոյ միջազգային համագործակցութեան ընկերութեան /GIZ/ «Սուրիացի փախստականների տնտեսական ինթեկրումը (համարկումը) Հայաստանում» ծրագրի շրջածիրէն ներս մասնակցած է գինեգործական դասընթացքներու: Ծրագրի իրականացման 2.5 տարիներու ընթացքին աջակցութիւն ցուցաբերուած է շուրջ 3100 սուրիահայ գործարարներու եւ աշխատանք փնտռողներու, որոնք մասնակցած են հայաստանեան եւ միջազգային ցուցահանդէսներու, ձեռնարկատիրական ֆորումներու, ինչպէս նաեւ մարքեթինկի, պիզնեսի զարգացման եւ ֆինանսական գրագիտութեան դասընթացներու՝ զարգացնելով պիզնեսի վարման եւ այլ մասնագիտական հմտութիւններ:
«Ծրագիրը շատերուն օգնած է զարգացնել իրենց պիզնեսը, ստեղծել նոր պիզնես կամ աշխատանք գտնել Հայաստանի մէջ: Մեր պարագային այն եղաւ գինիի արտադրութիւնը: GIZ-ը բաւականին մեծ նիւթական ներդրում ըրած է իւրաքանչիւրիս համար՝ դասընթացը, գինիի արտադրութիւնը, պրենտի ստեղծումը եւ այլն: Մենք միայն մեր միտքերը ներդրեր ենք՝ պրենտի համար, եւ ատոր համար շնորհակալ ենք գերմանական ընկերութեան։Բացի այդ, ամէն մէկուս համար ստեղծուած է պրենտ (ապրանքանիշ), որուն մէջ իւրաքանչիւրը ներդրած է իր անձնական պատմութիւնը: Մեր ընտանիքի պարագային այդ «Գալար» անուանումով գինիի արտադրութեան հիմնումն էր. ընկերութիւնը անուանեցինք «Գալար վազեր» եւ առաջին գինին ստեղծեցինք «Յաղթանակ» անունով, որ 2019 թուականի բերքահաւաքով Արցախի կաղնիի փայտէ տակառներուն մէջ հնեցուած կարմիր, չոր գինի էր: 2020-ին՝ պատերազմէն անմիջապէս ետք, մեր ընտանիքին պատկանող հողակտորին վրայ հիմնեցինք խաղողի այգի: Առաջին տարուան ընթացքին հիմնական շարունակական եւ երկարաժակէտ աշխատանք կ'ընթանայ՝ այգիի հիմնում, տնկում եւ այլ տարբեր գործեր: Ատոր զուգահեռ՝ 2020 թուականի բերքահաւաքի մթերուած խաղողէն եւս գինի արտադրեցինք, սակայն այս պարագային արդէն աւելցուցինք տեսակն ու խմբաքանակը»։
Երիտասարդ գինեգործը ըսած է, որ այս տարի պիտի արտադրեն ինչպէս «Յաղթանակ» տեսակի սովորական եւ հնեցուած կարմիր գինի, այնպէս ալ «Ոսկեհատ» տեսակի սպիտակ սովորական եւ հնեցուած գինի, որու առաջին խմբաքանակը մայիսին պիտի շշալցնեն:
«Քանի որ մեր թիրախ խումբը հիմնական գինիով խանդավառուողներն են՝ բարձրորակ գինի սիրող եւ գնահատող մարդիկ, հետեւաբար մեր արտադրած գինիի ակունքին դրած ենք բարձրակարգ խմիչքի արտադրութեան արուեստագիտութիւններ եւ գիտական հիմքեր, որոնք պատրաստուած են Հայաստանի ազգային ագրարային համալսարանի Ոսկեհատի գինիի ուսումնագիտական կեդրոնին մէջ: Բարձր որակ ունենալու եւ այն պահելու համար որոշած ենք մեր գինիները վաճառել գինիի մասնագիտացուած սրահներուն եւ պարերուն մէջ»,- սեփական պիզնեսի յաջողութիւններու մասին պատմած է Յակոբը եւ աւելցուցած, որ համավարակի պատճառով գինին չեն կրցած իրացնել միւս թիրախ խումբի՝ զբօսաշրջիկներու համար, սակայն յոյսով են, որ այս տարի ամէն ինչ կը վերադառնայ իր բնական հուն:
«Մեր խումբին մէջ բոլորը երիտասարդ են. ես 33 տարեկան եմ, կինս՝ 31, իսկ մեր աշխատակիցները՝ հիմնական մինչեւ 30 տարեկան են: Բարեբախտաբար, մեր գործունէութեան ընթացքին հանդիպած ենք այնպիսի մարդոց, որոնք պատրաստակամ եղած են բաժնեկցիլ իրենց փորձով եւ ճիշդ ուղղութիւն ցոյց տուած են: Օրինակ, մեր երիտասարդ գինեգործը վերջերս վերադարձած է Գերմանիայէն, ուր սորված է Կէյզընհէյմի համալսարանին մէջ»,- ըսած է ան՝ անդրադառնալով նաեւ իր գործունէութեան ընթացքին հանդիպած խոչընդոտներուն:
Դժուարութիւնները, ըստ Յակոբի, կրած են ընդամէնը առօրէական բնոյթ: Անոր խօսքով՝ ինչքան աշխատիս, այնքան դժուարութիւններու կը հանդիպիս, սակայն անոնք պէտք է յաղթահարել եւ անցնիլ առաջ:
«Քանի որ ես սովոր եղած եմ ՏՏ ոլորտին, որ լրիւ այլ առօրեայ կը թելադրէ, գինեգործութեան բնագաւառը բաւականին բազմագործօն է՝ սկսած մատակարարներու հետ շփումէն, այգիին մէջ տարբեր հողագործական աշխատանքներ ընելէն՝ մինչեւ գինեգործութիւն եւ մարքեթինկ: Այս ամէնը, ի հարկէ, խանգարող դժուարութիւններ չեն, այլ որեւէ աշխատանքի բնական ընթացք»,- վստահեցուցած է սուրիահայ գործարարը եւ շեշտած, որ պիտի շարունակէ զարգացնել իր հմտութիւնները գինեգործութեան ոլորտին մէջ:
Մասնաւորապէս, Յակոբը այս տարիէն կը յաճախէ Երեւանի Գինիի ակադեմիայի կազմակերպած 18-ամսեայ դասընթացին, որ արդէն աւելի մասնագիտացուած ու խորացած դասընթաց է՝ գինիի արտադրութենէն մինչեւ պիզնես եւ մարքեթինկ:
Ըստ Յակոբի՝ գինեգործութիւնը իրեն համար երկրորդ մասնագիտութիւն է ու աշխատանք. այն բնաւ «ժամանց»ի գործ չէ, քանի որ խնայողութիւն ընելու նպատակով շատ յաճախ Յակոբն ու կինը որոշ այգեգործական աշխատանքներ անձամբ կ'ընեն: Իսկ Յակոբի հիմնական մասնագիտութիւնը, ինչքան ալ որ զարմանալի է, թրքագիտութիւնն է. ան աւարտած է ԵՊՀ-ի համապատասխան բաժինը:
Անդրադառնալով ապագայի ծրագրերուն, ան ըսած է՝
«Ներկայիս մեր այգին ընդամէնը մէկ հեքթար է, եւ ցանկութիւն կայ այն մեծցնել ու անոր շրջակայքը զբօսաշրջային գինիի համտեսի սրահ բանալ: Իսկ երազանք ու ապագային միտուած երկարաժակէտ նպատակ է՝ ունենալ գործարան եւ տեղւոյն վրայ մեր այգիի խաղողէն գինի արտադրել հայկական բնիկ տեսակներէն»,-ըսած է երիտասարդ գինեգործը:
Նիւթը՝ Հեղինէ Յովհաննիսեանի
Աղբիւր Erit.am