image

Տահէշի նոր թիրախը Լիբանանի Սայտա քաղաքն է՞

Տահէշի  նոր  թիրախը Լիբանանի   Սայտա քաղաքն է՞

Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորումը  մտադիր է գործողութիւններ կատարել Լիբանանի հարաւային Սայտա   քաղաքին  մէջ:  Նշենք, որ անցնող  օրերուն    Լիբանանի  մէջ իսլամ  տարբեր պատասխանատուներ քննադատած էին Սայտայի մէջ  օրերս ընթացող   ամառնային «երգի փառատօն»ը նշելով, որ Սայտա «իսլամական» քաղաք է, եւ այդ փառատօնը անյարիր է  իրենց ընդհանուր ըմբռնումներուն: Լիբանանի   ապահովական մարմիններ   լուրջ մտավախութիւններ ունին, որ Սայտայի մէջ գտնուող պաղեստինցի գաղթականներու «Այն Ալ Հըլուէ»ի գաղթակայանը կրնայ   Տահէշի համար   բոյն  դառնալ, ու   ահաբեկչական այդ խմբաւորումը   հոնկէ   ահաբեկչական ծրագիրներ իրականացնէ:  Յիշեցնենք, որ առաջին անգամը չէ, որ կը խօսուի «Այն Ալ Հըլուէ»   գաղթակայանին մասին, ուր  կ'ապրին  աւելի քան  150 հազար պաղեստինցիներ:   Ըստ «Շարըք Ալ Աուսաթ» պարբերականին  Տահէշի անդամ   քառասունէ աւելի իսլամիստ զինեալներ  ներկայիս կը բնակին  այդ գաղթակայանէն ներս: