Պոլսոյ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այցելած է Լոս Անճելըսի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին՝ ընդառաջելով անոր հրաւէրին։ Լոս Անճելըսի մէջ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանի վախճանման 25-ամեակին առթիւ ոգեկոչման արարողութիւն մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Ընդհանուր Փոխանորդ Աթէշեանը։
Եկող Կիրակի Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պիտի պատարագէ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, որ կը գտնուի Պըրպենքի Առաջնորդարանի հարեւանութեամբ։ Նորին Սրբազնութիւնը Ս. Պատարագի ընթացքին պիտի տայ օրուան պատգամը։ Արք. Աթէշեան Պոլիս պիտի վերադառնայ յառաջիկայ Հինգշաբթի՝ Յունուարի 28-ին։