image
Հրատապ լուրեր:

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Այցելած Է Լոս Անճելըս

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Այցելած Է Լոս Անճելըս

Պոլսոյ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այցելած է  Լոս Ան­ճե­լըսի Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմտեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նին՝ ըն­դա­ռաջելով անոր հրաւէրին։ Լոս Անճելըսի մէջ Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած էր Շնորհք Պատ­րիարք Գա­լուս­տեա­նի վախ­ճան­ման 25-ա­մեա­կին առ­թիւ ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, ո­րուն իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած է նաեւ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դ Աթէշեանը։

Եկող Կի­րա­կի Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան պի­տի պա­տա­րա­գէ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց Մայր տա­ճա­րին մէջ, որ կը գտնուի Պըր­պեն­քի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի հա­րե­ւա­նու­թեամբ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին պի­տի տայ օ­րուան պատ­գա­մը։ Արք. Ա­թէ­շեան Պոլիս պի­տի վե­րա­դառ­նայ յա­ռա­ջի­կայ Հինգ­շաբ­թի՝ Յու­նուա­րի 28-ին։