Սուրիոյ մէջ անցնող օրերուն կազմուած դաշինքը նոր զգաշուցումներ կատարած է թրքական ուժերուն դէմ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ BBC Arabic կայանը, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ ըստ դաշինքի մէկ բանբերին թրքական օդուժի, որեւէ քայլ համարժէք պատասխան պիտի ստանայ: Կայանը նաեւ կը փոխանցէ, որ դաշնակից ուժերու ուղղաթիռ մը հարուածած է Թուրքիոյ նեցուկը վայելող ուժերու դիրքերը, որուն հետեւանքով զինեալներ սպաննուած են: Նշենք, որ դէպքը տեղի ունեցած է Թալ Ալ Մատիք շրջանին մերձ եւ պաշտօնական Անգարա մինչեւ այս պահը, չէ արձագանքած եղածին: