image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիական ճգնաժամի աւարտը, Ասատ կը պատրաստուի յաղթանակի ճառին. Daily mail

Սուրիական ճգնաժամի աւարտը, Ասատ կը պատրաստուի յաղթանակի ճառին. Daily mail

Ըստ «Daily mail»-ին, Սուրիոյ-Ռուսատանի եւ Իրանի միջեւ դաշինքը կը պատրաստուի՝  «պատմական յաղթանակ» տանելու Հալէպի մէջ, օգտուելով՝ ամերիկեան բացակայութենէն, Թուրքիոյ անջատուած գօտիի պատրաստման զբաղուածութենէն եւ սէուտ-քաթարեան կողմի իրավիճակը ընդունելու եւ յանձնուելու «տրամադրուածութիւն»էն:

Ռուսական օդանաւակիրը՝ պաշտպանուած մարտանաւերով եւ օդացամաքային հրթիռներով, կայք հաստատած է սուրիական ափերուն վրայ: Իսկ Դամասկոսի կառավարութիւնը քաղաքին արեւելեան թաղամասերուն մէջ շրջափակուած զինեալ ահաբեկիչներուն օր մը եւս կը շնորհէ դուրս գալու, նախքան՝ վերջին կամ վճռական յարձակումը:

Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» պարբերականը շատ հնարաւոր կը տեսնէ Ասատի Հալէպի կեդրոն յայտնուիլը եւ յաղթանակի ճառ արտասանելը, որուն ընթացքին, ան պիտի խօսի պատերազմի աւարտին, Սուրիան վերաշինելու ապագայ ծրագիրներուն  եւ  երկրի քաղաքական եւ տնտեսական բարելաւման  մասին: