Սուրիոյ բանակը ներկայիս կը պատրաստուի երկրի հարաւ-արեւմտեան շրջաններու ազատագրման, որոնք ընդդիմադիր ուժերու տիրապետութեան տակ են:
«Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, այս առթիւ ընդդիմադիր ուժերու հրամանատարներէն մէկը յայտնած է, թէ Դամասկոս հոգեբանական պայքար կը դրսեւորէ, այլապէս ոչ մէկ նախանշան կայ հարաւային շրջանները ազատագրելու ուղղութեամբ պատերազմի նախապատրաստուելու:
Նշենք, որ օրեր առաջ ԱՄՆ սպառնացած էր խիստ քայլերու դիմել, եթէ Սուրիոյ հարաւային շրջաններուն մէջ զինադադարի ռեժիմի խախտում գրանցուի: