image

Սուրիացի երիտասարդ մը իր երիկամը վաճառքի հանած է

Սուրիացի երիտասարդ մը իր երիկամը վաճառքի հանած է

Սուրիա- («Ալ- Տիար»- Պէյրութ)- Դամասկոսի համալսարանի դատաբժշկական բաժնի նախագահն ու դատական բժշկութեան մարմնի ղեկավար  Հուսէյն Նաուֆալ բացայայտած է, որ շուրջ  20 հազար մարմնանդամի հեռացման գործողութիւններ կատարուած են Սուրիոյ պատերազմի սկիզբիէն ի վեր: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ գործողութիւններու մեծ մասը կատարուած են փախստականներու գաղթակայաններէն ներս՝ Թուրքիոյ, Լիբանանի եւ այլ Սուրիոյ հարեւան երկիրներուն մէջ:

Այս հարցին վերաբերեալ՝ «Նիւզ Տիպլի»ն, «Միջազգային մամուլի աջակցութիւն» հիմնարկին հետ հետաքննութիւն մը սկսած էր, որու արդիւնքով պարզուած էր, որ մարմնանդամի գինը երկրէ երկիր կը տարբերէր, մինչ մէկ երիկամի գինը 10 հազար ամերիկեան տոլար կ'արժէր Թուրքիոյ մէջ, Իրաքի մէջ անոր գինը չէր գերազանցեր 1000 տոլարը, իսկ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ երիկամ կարելի էր գնել 3000 տոլարով: Հետաքննութիւնը նաեւ պարզած է, որ երիկամով չէր սահմանափակուէր  առեւտուրը, այլ կը ներառէր նաեւ փայծաղի եւ աչքերու լուսանցիկներու վաճառքը, որոնց գինը կը հասնէր մինչեւ  7500 տոլարի:

Աղբիւրի համաձայն, սուրիացի բժիշկներէն մէկը պատմած է, որ ինք մարմնանդամներ վաճառելու ցանցին հետ աշխատիլ մերժելուն համար ենթարկուած է սպաննութեան փորձի եւ ստիպուած եղած է այլ շրջան տեղափոխուիլ: Բժիշկը նաեւ նշած է, որ յաճախ փողոցը կը հանդիպէր որոշ անդամներէ զերծուած դիակներու:

Հետաքննութեան համաձայն, մարմնանդամներու վաճառքը կիրականացուի սուրիական տարբեր շրջաններու մէջ գտնուող բուժարաններու եւ հիւանդանոցներու մէջ, եւ վաճառողներէն շատեր, առանց որեւէ պաշտօնական հաստատագիրի, զինուած կը շրջին, մինչ ուրիշներ կը ստանձնեն համացանցային վաճառքի շուկան:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այս հարցին վերաբերող յայտարարութիւններէն մէկուն մէջ նշուած է «Կը վաճառուի Եւրոպա ճամբորդելու անհրաժեշտութեամբ, սուրիացի 27 ամեայ երիտասարդի մը երիկամը, որ զերծ է ամէն տեսակը հիւանդութենէ. Կը գտնուի Թուրքիոյ Պոլիս քաղաքին մէջ: Լուրջ վերաբերուողները թող կապուին առանձին նամակով»: