Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով սուրիական թղթոսկին նահանջեց եւ գրանցեց պատմական անկում։
Այս մասին տեղեկութիւն տրուեցաւ Սուրիոյ մասին լուրեր տարածող ընկերային ցանցի էջերու կողմէ, որոնք նոյնպէս հաղորդեցին, որ այսօր Սուրիոյ մէջ քաղաքացիներ մէկ ամերիկեան տոլար գնելու համար ստիպուած եղած են վճարել 2700 սուրիական ոսկի։
Կը նշուի նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ ծաւալած դէպքերէն ետք առաջին անգամն է, որ սուրիական լիրան այսքան մեծ նահանջ կ՚ապրի։
Կարգ մը վերլուծողներ ընդհանուր իրավիճակին գնահատական տալ փորձելով նկատել տուած են, որ Սուրիոյ մէջ այսօր առկայ տնտեսական բարդ իրավիճակը հետեւանք է արեւմտեան երկիրներու, բայց մանաւանդ ԱՄՆ-ի կողմէ Սուրիոյ դէմ դրուած պատիժներուն եւ տնտեսական պաշարման։
Յիշեցնենք, որ նախքան պատերազմը Սուրիոյ մէջ ամերիկեան տոլարը գինն էր միմիայն 50 սուրիական ոսկի։