image

Սուրէն Խտըշեան Բեմ Պիտի Հանէ Արթըր Միւլըրի «Վաճառորդի Մը Մահը» Թատերակը

Սուրէն Խտըշեան Բեմ Պիտի Հանէ Արթըր Միւլըրի   «Վաճառորդի Մը Մահը»    Թատերակը

Լիբանանահայ բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեան  յառաջիկայ   Ապրիլին    պիտի բեմադրէ  Արթըր Միլըրի  «Վաճառորդի Մը Մահը»    գործը: Այս  մասին    կը տեղեկանանք     անոր  ֆէյսպուքեան էջէն:  Նշենք, որ  ներկայացումները պիտի կատարուին       յառաջիկայ   15 Ապրիլէն  սկսեալ    Պուրճ Համուտի   «Յակոբ Տէր Մելգոնեան»  թատերասրահին մէջ: Խտըշեան, որ յայտնի անուն է  լիբանանահայ թատերական շրջանակներուն  մօտ հիմնադիրն  է «Թէաթրոն»   թատերական     խումբին: