Հակառակ անոր, որ Մուսուլը ճիհատականներէն վերագրաւելը տակաւին երկար ճանապարհ ունի, հանրային վէճ մը ծագած է, Իրաքի վարչապետ՝ Հայտար Ապպատիի եւ Քիւրտիստանի ղեկավար՝ Մէսուտ Պարազանիի միջեւ, այդ հողերուն վերահսկելու առնչութեամբ:
Ըստ AFP -ին քրտական ուժերը մտած են այն շրջանները, ուրկէ քաշուած են իրաքեան ուժերը: Անոնք յաճախ ճիհատականներուն դիմադրած են Պաղտատի հիւսիսային եւ արեւմտեան շրջաններուն մէջ, իսկ իրաքեան ուժերը յառաջխաղացք արձանագրած են դէպի հարաւ: