Պոլսոյ մէջ այս առաւօտ գրանցուած պայթումին թիրախը ոստիկանական փոխադրակառք մըն էր: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ պայթումին հետեւանքով 11 զոհուածներուն 7-ն ոստիկաններ են: Կան 40 -ի չափ վիրաւորեալներ, որոնց 4-ին վիճակը ծանր է: Կը նշուի նաեւ, որ նոյն վայրին մօտ կայացուելիք ամավերջի քննութիւնները ապահովական պատճառներով յետաձգուած են: