image
Հրատապ լուրեր:

Օդակայանի ճամբան ոստիկանական ուժերով «ապահովելէ» ետք, Փաշինեան հասաւ օդակայան ու մեկնեցաւ Մոսկուա

Օդակայանի ճամբան ոստիկանական ուժերով «ապահովելէ» ետք, Փաշինեան հասաւ օդակայան ու մեկնեցաւ Մոսկուա

 

Ճանապարհային ոստիկանութիւնը  առաւօտեան ժամը 7-ի դրութեամբ փակած էր դէպի «Զուարթնոց» օդակայան տանող ճանապարհները՝ Իսակովի պողոտայէն սկսած: ՃՈ աշխատակիցները ոչ մէկ բացատրութիւն կու տային քաղաքացիներուն, որոնք կ'ուզէին հասնիլ օդակայան:

 

Աւելի ուշ, ժամը 8-ի սահմաններուն, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի շարասիւնն անցաւ Իսակովի պողոտայով, որմէ ետք Իսակովի պողոտայի մէկ մասը բացուեցաւ, սակայն քաղաքացիներուն թոյլ չէին տար մօտենալ օդակայանին:

Յիշեցնենք, որ «Հայրենիք» կուսակցութեան անդամ Արսէն Պապայեանը երէկ գրառում ըրած էր՝ նշելով, որ այսօր առաւօտեան ժամը ութին պիտի ըլլայ «Զուարթնոց» oդակայան` թոյլ չտալու Նիկոլ Փաշինեանի ուղեւորութիւնը Մոսկուա։

 

Նշենք,  որ  աւելի ուշ  պարզ  դարձած է, որ Փաշինեանի օդանաւը  ուղղուած է Մոսկուա, ուր պիտի  կայացուի Փութին, Փաշինեան եւ Ալիեւ եռակողմ այցելութիւնը։