image

Սուլթան Պայազիտի պայթումին թիրախը ոստիկանական կառք մըն էր

Սուլթան Պայազիտի   պայթումին թիրախը  ոստիկանական   կառք մըն էր

Պոլսոյ մէջ  այս առաւօտ գրանցուած   պայթումին թիրախը    ոստիկանական  փոխադրակառք մըն էր: Այս  մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ պայթումին հետեւանքով 11 զոհուածներուն 7-ն  ոստիկաններ են: Կան  40 -ի չափ վիրաւորեալներ, որոնց 4-ին  վիճակը ծանր է:  Կը նշուի նաեւ, որ նոյն  վայրին մօտ կայացուելիք ամավերջի քննութիւնները ապահովական պատճառներով յետաձգուած են: