Ըստ «Քաթէհոն» կայքին Իրանցի յայտնի զինուորական զօր. Քասէմ Սուլայմանիիի լուսանկարները որոշ չափով զարմանքի մթնոլորտ մը ստեղծած են Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ։
Կայքը նաեւ կը հաղորդէ, որ անցնող օրերուն Հռոմի բնակիչները անակնկալի եկած են նկատելով, որ քաղաքի տարբեր կարեւոր կէտերու պատերուն վրայ փակցուած են զօր. Սուլայմանիի լուսանկարները։
Աւելի ուշ պարզ դարձած է, որ այս նախաձեռնութիւնը կը պատկանի «Եւրոպան յանուն Սուրիոյ» ճակատին։
Ճակատի բանբեր Ճիովանի Վիոլա աւելի ուշ խօսելով տեղական ԶԼՄ-ներուն յայտարարած է, թէ «Առանց Սուլայմանիին Սուրիան դժուար թէ կարողանար յաղթանակ տանիլ ահաբեկիչներուն դէմ», նշելով նաեւ, որ զօր. Սուլայմանին աշխարհի բոլոր ազատատենչներուն պաշտպանն էր։