Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Լիբանանի դեսպանին յանձնաղ է բողոքի նոթա՝ դատապարտելով Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի մեկնաբանութիւնները, որոնք ԱՄԷ-ն անուանած է «անհամատեղելի դիւանագիտական նորմերու հետ», կը հաղորդէ Reuters-ը:
«ԱՄԷ արտաքին գործերու եւ միջազգային համագործակցութեան նախարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Լիբանանի գործող արտաքին գործոց նախարար Շարպել Ուահպէի ստորացուցիչ եւ ցեղապաշտական յայտարարութիւնները Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութեան եւ Պարսից ծոցի միւս երկրներու հասցէին», - հաղորդած է ԱՄԷ WAM պետական լրատուական գործակալութիւնը:
Նախօրէին հեռուստային հարցազրոյցի ժամանակ Ուահպէն Պարսից ծոցի երկիրները մեղադրած է Իրաքի եւ հարեւան Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութեան» աջակցելու մէջ:
Միեւնոյն ժամանակ, Լիբանանի նախագահը յայտարարած է, որ Պարսից ծոցի երկիրներու հասցէին նախարարի կողմէ եղած քննադատական մեկնաբանութիւնները չեն արտացոլեր երկրի պաշտօնական քաղաքականութիւնը, որ նպատակ ունի խուսափիլ Լիբանանի նախկին դաշնակից եւ նուիրատու պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու հետագայ սրացումէն:
Ուահպէն երեքշաբթի յայտարարած է, որ իր մեկնաբանութիւնները խեղաթիւրուած են, իսկ նախագահ Միշել Աունը, որ, ինչպէս եւ Ուահպէն, քրիստոնեայ մարոնիթ է, յայտարարած է, որ նախարարի մեկնաբանութիւնները եղած են անոր «անձնական կարծիքը» եւ բարձր գնահատած է «եղբայրական» յարաբերութիւնները Պարսից ծոցի երկիրներու հետ:
Սէուտական Արաբիան կանչած է թագաւորութեան մէջ Լիբանանի դեսպանը եւ անոր յանձնած է նոթա առ այն, որ Ուահպէն «յանցագործութիւն» գործած է: