image

Սուլայմանիի կարեւոր օգնականը սպաննուած է Սուրիոյ մէջ

Սուլայմանիի կարեւոր օգնականը սպաննուած է Սուրիոյ մէջ

Սուրիա- («Ալ-Ժատիտ»-Պէյրութ)- Իրանեան «Յաղթանակ» հեռուստակայնը հաղորդած է Սուլայմանիի շատ մօտ եղող, Սուրիոյ մէջ ծառայող, Իրանի յեղափոխութեան պահակախումբի «Ալ-Քուտս» ջոկատի կիսաբաժնի զօրավար Մուրթատա Աթաաիի սպաննութեան լուրը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Աթաաի միաժամանակ Սուրիոյ մէջ բանակի կողքին պատերազմող «Ֆաթիմիներ» ջոկատի գերագոյն զօրավարն էր, եւ ան կը համարուի Սուլայմանիի կարեւոր օգնականներէն մէկը:Ան իր պաշտօնին նշանակուած էր Սուլայմանիի կողմէ:

Կը նշուի նաեւ, որ Աթաաի սպաննուած է Լաթաքիոյ մէջ տեղի ունեցած մարտերու ընթացքին, որ Իրանի յեղափոխութեան պահակախումբը կը վարէր Սուրիոյ ընդդիմութեան դէմ: