image

Սքրիպալը թունաւորեցին, որ Մոնտիալը «տապալի». Մոսկուա խօսեցաւ Սքրիպալի թունաւորման դէպքին մասին

Սքրիպալը թունաւորեցին,  որ Մոնտիալը «տապալի». Մոսկուա խօսեցաւ Սքրիպալի թունաւորման դէպքին մասին

Ռուսական պաշտօնական հեռուստատակայանը կը մեղադրէ Բրիտանիան՝ նախկին կրկնակի գործակալ Սերկէյ Սքրիպալը թունաւորելու մէջ, նշելով, որ Բրիտանիա նպատակ ունեցած է խանգարել Ռուսիոյ մէջ այս ամառ տեղի ունենալիք ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Այս մասին կը գրէ «Lebanon 24»ը, նշեով որ Ռուսիա բազմիցս մերժած է միջադէպի վերաբերեալ իր հասցէին եղած մեղադրանքը:

Սակայն ռուսական գլխաւոր «Ռուսիա 1» կայանէն սփռուող լրատուկան հաղորդումը աւելի առաջ երթալով՝ մեղաւորութեան մէջ մատնացոյց ըրած է Բրիտանիոյ, կը հաղորդէ «Reuters»ը, նշելով, որ հաղորդավար Տմիթրի Քիսլիովը յայտնած է, որ «Եթէ ուշադիր մտածենք այդ մասին, պարզ կը դառնայ, որ ռազմական հետախուզութեան գնդապետի թունաւորումը միայն բրիտանացիներու շահէն կը բխի»:


Ան նշած է, որ Սքրիպալի սպանութեան փորձը Բրիտանիոյ առջեւ առիթ ստեղծեց Ռուսիոյ մէջ այս ամառ տեղի ունենալիք ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը պոյքոթելու, ինչը կը խանգարէ մարզական մեծ իրադարձութիւնը, որուն Մոսկուան երկար տարինեէ ի վեր կը սպասէր:

 

Նշենք, որ մինչ այդ, նախկին հետախոյզին դէմ մահափորձի գործով հետաքննութիւնը կը շարունակուի: Սերկէյ Սկրիպալի եւ անոր դստեր` Եուլիայի վիճակը կը մնայ «կայուն ծանր»: