Ռուսական պաշտօնական հեռուստատակայանը կը մեղադրէ Բրիտանիան՝ նախկին կրկնակի գործակալ Սերկէյ Սքրիպալը թունաւորելու մէջ, նշելով, որ Բրիտանիա նպատակ ունեցած է խանգարել Ռուսիոյ մէջ այս ամառ տեղի ունենալիք ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Այս մասին կը գրէ «Lebanon 24»ը, նշեով որ Ռուսիա բազմիցս մերժած է միջադէպի վերաբերեալ իր հասցէին եղած մեղադրանքը:
Սակայն ռուսական գլխաւոր «Ռուսիա 1» կայանէն սփռուող լրատուկան հաղորդումը աւելի առաջ երթալով՝ մեղաւորութեան մէջ մատնացոյց ըրած է Բրիտանիոյ, կը հաղորդէ «Reuters»ը, նշելով, որ հաղորդավար Տմիթրի Քիսլիովը յայտնած է, որ «Եթէ ուշադիր մտածենք այդ մասին, պարզ կը դառնայ, որ ռազմական հետախուզութեան գնդապետի թունաւորումը միայն բրիտանացիներու շահէն կը բխի»:
Ան նշած է, որ Սքրիպալի սպանութեան փորձը Բրիտանիոյ առջեւ առիթ ստեղծեց Ռուսիոյ մէջ այս ամառ տեղի ունենալիք ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը պոյքոթելու, ինչը կը խանգարէ մարզական մեծ իրադարձութիւնը, որուն Մոսկուան երկար տարինեէ ի վեր կը սպասէր:
Նշենք, որ մինչ այդ, նախկին հետախոյզին դէմ մահափորձի գործով հետաքննութիւնը կը շարունակուի: Սերկէյ Սկրիպալի եւ անոր դստեր` Եուլիայի վիճակը կը մնայ «կայուն ծանր»: