image
Հրատապ լուրեր:

Սքանտալ Մատրիտի խորհրդարանին մէջ

Սքանտալ Մատրիտի խորհրդարանին մէջ

Մատրիտի մէջ, նորընտիր խորհրդարանական նիստի բացման արարողութեան ընթացքին, գերման-ձախ դաշինքի անդամներ թագաւոր՝ Ֆիլիփ 6-րդ-ի զայրոյթը գրգռած են, քաղաքական  սքանտալ  ստեղծելով:

«Արմատական Փոտիմուս» եւ «Ձախակողմեան ընկերվարականներ» կուսակցութիւններէն  կազմուած դաշնութիւնը՝ սպանական խորհրդարանի 3-րդ մեծ ուժը կը համարուի: Դաշնութեան անդամներէն մէկը, թագաւորին ելոյթին ընթացքին բարձրացուցած է «Երրորդ հանրապետութեան» դրօշը, որուն կը ձգտին կարգ մը ձախակողմեաններ: Բողոքին միացած են տարածաշրջանի կարգ մը կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ «Ես թագաւոր չընտրուեցայ» գրութեամբ շապիկներ կրելով: Նշենք, որ այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Ռոյթըրզ»ը: