image

Սփիւռքի փոխ նախարարը Պիքֆայաի Դպրեվանք այցելեց

Սփիւռքի փոխ  նախարարը  Պիքֆայաի Դպրեվանք այցելեց

Հինգշաբթի, 28 Ապրիլ 2016-ի երեկոյեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Փոխ-նախարար՝ Պրն. Սերժ Սրապիոնեան, ընկերակցութեամբ «Համազգային»ի Լիբանանի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներուն, բարձրացաւ Պիքֆայա, ուր ընդունուեցաւ Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանի եւ Փոխ-տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանի կողմէ։Իրենց ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Տեսուչ Հայր Սուրբը Հայրենի պետական պաշտօնատարին նախ ներկայացուց Դպրեվանքի պատմութիւնը եւ ապա խօսեցաւ անոր առաքելութեան ու ապագայի ծրագիրներուն մասին։Աւելի ուշ, Պրն. Սրապիոնեան Դպրեվանքի հանդիսասրահին մէջ Դպրեվանքի բարձրագոյն կարգի ուսանողներուն դասախօսութիւն մը ներկայացուց, նիւթ ունենալով «Եղեռնի զոհ գացած հայ գրողները»