Այսօր ընթացք առած է Մեծի Տանն Կիլիկոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցը դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա: Նշենք, որ այս այցը կը կատարուի Վեհափառի կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 20-ամեակին նուիրուած տօնակատարութեանց ծիրէն ներս եւ այս առումով հանդիսութիւններ պիտի կայացուին ՝ Լոս Անճելոսի, Մոնթրէալի եւ Նիւ Եորքի մէջ։ Սոյն այցին Վեհափառին կ’ընկերանան Միջ-եկեղեցական եւ Լրատուական բաժանմունքներու վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան՝ Գաւազանակիր, ինչպէս նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեան, Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան եւ Տեարք Յակոբ Եափուճեան ու Վահէ Եագուպեան։