image

Սիսիանի մէջ եղած պայթումին մասին ոստիկանութիւնը յայտարարութիւն տարածեց

Սիսիանի մէջ եղած  պայթումին մասին  ոստիկանութիւնը  յայտարարութիւն տարածեց

«19 յուլիսին ժամը 06:45ին, քաղաքացի մը ոստիկանութիւն զանգելով յայտնած է, որ լսած է պայթիւնի ձայն ու տեսած, որ Սիսիան քաղաքի Կամոյի փողոց 28 տան գոմի մօտ, մահացած է դրացին»: Այս մասին մանրամասնած է ՀՀ ոստիկանութիւնը Սիսիանի մէջ տեղի ունեցած պայթիւնի մասին:

Գործօն խմբակը անմիջապէս գացած է ու պարզած, որ մօտաւորապէս ժամը 06:30ին, գոմէն դէպի փողոց տանող ճամբուն մետաղեայ դուռը բացած ատեն, պայթած է դրան բռնակներուն վրայ մետաղալարով զետեղուած նռնակի պայթուցիչը, որու հետեւանքով, 1945ի ծնունդ Ուիլսըն Յարութիւնեանը, պայթիւնէն վնասուած գլտորուած է աստիճաններուն վրայ մինչեւ գոմի բակը, ուր մահացած է:

« Սիսիանի քննչական բաժինը յարուցած է քրէական գործ, կը կատարուի նախաքննութիւն» կը տեղեկացնէ ՀՀ ոստիկանութիւն: