Թրքական (CHP) կուսակցութենէն Պոլսոյ հայ երեսփոխան Սէլինա Տողան անդամ նշանակուեցաւ Թուրքիոյ խորհրդարանի Եւրոմիութեան Յարմարելու Յանձանխումբին: Հայ երեսփոխանուհին այս պաշտօնին առընթեր պիտի վարէ նաեւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն խառն խորհրդարանի յանձնախումբի անդամի պաշտօնը:Լրատու գործակալութիւնները կը հաղորդեն, որ Սէլինա Տողան հարցագիր մըն ալ ուղղած է կրթական նախարար Նապի Ավճըին ու հարցուցած է թէ ինչո՞ւ կրօնքի դասերը տակաւին ստիպողական կը նկատուին հակառակ որ Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Ատեանը վճռած է, որ կրօնքի դասերը պէտք չէ ստիպողական ըլլան: Սէլինա Տողան յիշեցուցած է, որ թէեւ ներկայիս կրօնքի դասէ զերծ կը նկատուին այն աշակերտները որոնց անցագրին մէջ գրուած է որ քրիստոնեայ կամ Հրեայ են: