Երեւանի «Հայացք» մամլոյ ակումբէն ներս Սահմանադրական բարեփոխութիւններու մասին իրենց մօտեցումները յայտնեցին Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Տիգրանեանը եւ ՍԴՀԿ Հայաստանի վարչութեան ատենապետ Նարեկ Գալստեանը: Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը ընդհանուր առմամբ, դրական կը գնահատէ սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը: Այս մասին ըսաւ ՍԴՀԿ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Տիգրանեանը՝ նշելով, որ այս եզրայանգման եկած են երկարատև քննարկումներէ յետոյ:«Կառավարման լաւագոյն տարբերակը խորհրդարանականն է, այնպես որ մենք չենք կրնար չողջունել այս փոփոխութիւնը»,- ըսաւ Յակոբ Տիգրանեանը՝ աւելցնելով, որ այս է դրական գնահատականի գլխաւոր հիմնաւորումը: «Սահմանադրական փոփոխութիւններուն հանդէպ մեր կեցուածքը դրական է եւ այս նոր առաջարկով մենք կը շրջանցենք նախագահական ընտրութիւնները: Միշտ ալ նախագահական ընտրութիւններէն յետոյ խախտուած է երկրի ներքաղաքական անդորրը, հիմա հնարաւոր է այդ մէկը շրջանցել: Բացի այդ՝ նախագահը առանձինն կը կառավարէ երկիրը եւ որեւէ կերպ հաշուետու չէ խորհրդարանին և ժողովրդին: Պէտք է վերացնել անհատապաշտութիւնը, որը հնարավորութիւն կու տայ նոր սահմանադրութեան»,- նշեց ՍԴՀԿ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Տիգրանան:ՍԴՀԿ հայաստանեան գրասենեակի ատենապետ Նարեկ Գալստեան ըսաւ . «Տեսական առումով այս Սահմանադրութիւնը մեծ հնարավորութիւն կու տայ գործող իշխանութիւններուն շատ արագ կերպով դարձնել ընդդիմութիւն: Որակական փոփոխութիւններու առումով այս Սահմանադրութիւնը մէկ քայլ առաջ է, պարզապէս խնդիրը քաղաքական մշակոյթ ձեւաւորելու մէջ է»: