Ռուսաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը հրապարակած է Ս. Փեթերսպուրկի մեթրոյի կայանին մէջ երէկ տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումէն տուժածներու եւ քաղաքի բուժհաստատութիւններ տեղափոխուածներու անուանացանկը:
Ըստ նախնական տուեալներու՝ անոնց մէջ ազգութեամբ հայ չկայ: Փոխարէնը կայ տեղի ատրպէյճանական համայնքի 28-ամեայ ներկայացուցիչ:
Տարածուած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Ս. Փեթերսպուրկի մեթրոփոլիթէն երեքշաբթի առաւօտեան վերսկսած է աշխատանքը ամբողջական ծաւալով: