Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան բուռն կերպով քննադատեց Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատին` թրքական ուժերուն իրաքեան հողերուն վրայ գտնուելուն դէմ վերջինիս յայտարարութիւններուն համար:
Պոլսոյ մէջ Եւրասիոյ իսլամական խորհուրդի վեհաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Էրտողան ըսաւ. «Ոմանք մեզի կ՛ըսեն. «Մեր մակարդակին չէք», իսկ ես Իրաքի վարչապետին կ՛ըսեմ. «Սահմանդ գիտցի՛ր»: Թրքական բանակը իր արժէքը չկորսնցուց, որպէսզի իր ցուցմունքը ստանայ Իրաքի կառավարութեան վարչապետէն: Պիտի շարունակենք Պաաշիքայի մէջ մեր գործողութիւնները»:
Միւս կողմէ, շիի աշխարհազօրայիններու բանբեր Ճաւատ Թիլպաուի «Թայմզ» օրաթերթին յայտնեց, որ Պաաշիքայէն թուրք զինուորներու չքաշուելու պարագային իրենք պատրաստ են յարձակման: «Մուսուլի թրքական միաւորումները օրինական թիրախ պիտի նկատուին: Թուրք զինուորներուն հետ պիտի վերաբերինք այնպէս, ինչպէս ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման հետ», ըսած է ան: