Սուրիոյ մէջ եղող ռուսական բարձր հրամանատարութեան կարգադրութեամբ յատուկ մարզումներ ստացած ուժեր կը մասնակցին Ռաքքայի մարտերուն: Այս մասին տեղեկութիւն կը փոխանցեն մէկէ աւելի արաբական լրատուական աղբիւրեր: Աղբիւրներուն համաձայն այդ ջոկատները կը կոչուին «Անապատի արծիւներ» եւ անոնք կը բաղկանան յատուկ մարզումներ ստացած սուրիացի զինուորներէ: Մարտերուն կարեւոր մասնակցութիւն կը բերեն նաեւ քրտական ջոկատները եւ յատկապէս քրտական YPG-Ի ջոկատները: Նշենք, որ օրեր առաջ սկիզբ առած Ռաքքան ազատգրելու միտող մարտերը կը շարունակուին: Նշենք, որ Ռաքքան կը համարուի Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման գլխաւոր կեդրոնատեղի: