image

Ռուսիոյ կողմէ մարզուած ուժեր կը մասնակցին Ռաքքայի մարտերուն

Ռուսիոյ  կողմէ  մարզուած  ուժեր կը մասնակցին Ռաքքայի    մարտերուն

Սուրիոյ մէջ   եղող ռուսական բարձր հրամանատարութեան   կարգադրութեամբ  յատուկ մարզումներ ստացած ուժեր   կը մասնակցին Ռաքքայի մարտերուն: Այս  մասին տեղեկութիւն կը փոխանցեն մէկէ աւելի  արաբական լրատուական աղբիւրեր:  Աղբիւրներուն  համաձայն  այդ   ջոկատները կը կոչուին «Անապատի արծիւներ» եւ անոնք  կը բաղկանան    յատուկ մարզումներ ստացած սուրիացի  զինուորներէ:  Մարտերուն  կարեւոր մասնակցութիւն կը բերեն նաեւ քրտական ջոկատները   եւ  յատկապէս  քրտական YPG-Ի   ջոկատները: Նշենք, որ   օրեր առաջ  սկիզբ առած  Ռաքքան ազատգրելու միտող մարտերը կը  շարունակուին: Նշենք, որ  Ռաքքան կը համարուի  Տահէշ ահաբեկչական  խմբաւորման  գլխաւոր    կեդրոնատեղի: