Ռուսիոյ Հարաւային Դաշնային շրջանին մէջ նախագահական պալատի ներկայացուցիչ Վլատիմիր Ուսթինով յայտարարած է, որ վերջերս Ռուսիոյ հարաւային Ղրիմի Հանրապետութեան եւ Ռոսթովի ուղղութեամբ շարք մը ահաբեկչական յարձակումներ կասեցուած են:
Քաղաքական գործիչը նշած է, որ ահաբեկիչները որպէս թիրախ ընտրած էին հանրային մարդաշատ կառոյցներն ու ռազմական կեդրոնները:
Ուսթինով հաւաստիացուցած է, որ ահաբեկչական յարձակումներու ծրագրաւորման մասնակցող բոլոր յանցագործները ձերբակալուած են, աւելցնելով, որ երկրի անվտանգութեան ներկայ իրավիճակը անհրաժեշտութիւն կը ստեղծէ առաւել մեծ ջանքեր ի գործ դնել՝ ահաբեկչութեան ու ծայրայեղութեան դէմ պայքարի եւ անվտանգութեան պահպանման ուղղութեամբ:
Նշենք նաեւ, որ Ռուսիոյ անվտանգութեան մարմինները յաջողած էին ձերբակալել «Տահէշ»ի հետ համագործակցող 4 անձերէ բաղկացած ահաբեկչական ցանց մը, որ կը նախապատրաստուէր Մոսկուայի մէջ շարք մը ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու: