image

Ռուսիոյ հարաւային շրջաններուն մէջ ահաբեկչական փորձերը խափանուած են

Ռուսիոյ հարաւային շրջաններուն մէջ ահաբեկչական փորձերը խափանուած են

Ռուսիոյ Հարաւային Դաշնային շրջանին մէջ նախագահական պալատի ներկայացուցիչ Վլատիմիր Ուսթինով յայտարարած է, որ վերջերս Ռուսիոյ հարաւային Ղրիմի Հանրապետութեան եւ Ռոսթովի ուղղութեամբ շարք մը ահաբեկչական յարձակումներ կասեցուած են:

Քաղաքական գործիչը նշած է, որ ահաբեկիչները որպէս թիրախ ընտրած էին հանրային մարդաշատ կառոյցներն ու ռազմական կեդրոնները:

Ուսթինով հաւաստիացուցած է, որ ահաբեկչական յարձակումներու ծրագրաւորման մասնակցող բոլոր յանցագործները ձերբակալուած են, աւելցնելով, որ երկրի անվտանգութեան ներկայ իրավիճակը անհրաժեշտութիւն կը ստեղծէ առաւել մեծ ջանքեր ի գործ դնել՝ ահաբեկչութեան ու ծայրայեղութեան դէմ պայքարի եւ անվտանգութեան պահպանման ուղղութեամբ:

Նշենք նաեւ, որ Ռուսիոյ անվտանգութեան մարմինները յաջողած էին ձերբակալել «Տահէշ»ի հետ համագործակցող  4 անձերէ բաղկացած ահաբեկչական ցանց մը, որ կը նախապատրաստուէր Մոսկուայի մէջ շարք մը ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու: