image

Ռուսական եւ չինական «Վէթո» Հալէպի հարցով

Ռուսական եւ չինական  «Վէթո»  Հալէպի հարցով

Երկուշաբթի օր, Ռուսիա եւ Չինաստան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան յանձնաժողովի բանաձեւին դէմ օգտագործած են իրենց  Վէթոյի իրաւունքը՝ Հալէպ մէջ եօթ օրուան հրադադարի կապակցութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ Sky News, աւելցնելով, թէ Ռուսիա յայտնած է, որ հրադադարը առիթ կ’ընծայէ ընդդիմութեան զինեալներուն վերակարգաւորելու իրենց շարքերը:

Յիշեցնենք, որ 2011-էն ի վեր, 6-րդ անգամն է, որ Ռուսիա կը մերժէ Սուրիոյ հարցով Անվտանգութեան յանձնաժողովի բանաձեւը, իսկ Չինաստանի՝ 5-րդ:

Նշենք, որ Վենզուելլա եւս դէմ քուէարկած է բանաձեւին, որ մշակած են Նիուզելանտը, Եգիպտոսը եւ Սպանիան, մինչ Անկոլան ձեռնպահ մնացած է: Մնացեալ 11 երկիրները բանաձեւին կողմ քուէարկած են:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Սէրկէյ Լաւրով բացատրած է, թէ հրադադարը կրնայ իրականանալ, ռուս-ամերիկեան բանակցութիւններուն համաձայնութեան հասնելէն վերջ: